Русские видео

Сейчас в тренде

Иностранные видео


Скачать с ютуб Սուրբ Միւռոնը եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը մեր ազգին բոլորը կը հետաքրքրէ в хорошем качестве

Սուրբ Միւռոնը եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը մեր ազգին բոլորը կը հետաքրքրէ 9 дней назад


Если кнопки скачивания не загрузились НАЖМИТЕ ЗДЕСЬ или обновите страницу
Если возникают проблемы со скачиванием, пожалуйста напишите в поддержку по адресу внизу страницы.
Спасибо за использование сервиса savevideohd.ru



Սուրբ Միւռոնը եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը մեր ազգին բոլորը կը հետաքրքրէ

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ նախ յիշեցուց որ յառաջիկայ շաբաթավերջը կարեւոր է ամէն հայ քրիստոնեայի համար, քանի այդ օրերուն ինն տարի ետք պիտի օրհնուի Սրբալոյս Միւռոնը եւ վերստին օծումով պաշտամունքի պիտի վերաբացուի Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը՝ աւելի քան վեց տարուան հիմնական վերանորոգութենէ ետք: Մեր Հոգեւոր Պետը նախ պատմեց Աստուծոյ Մովսէս Մարգարէի պատուիրած քառասուն տարուան ճամբորդութեան ընթացքին գործածուած վրան-տաճարի, ապա՝ Երուսաղէմ հաստատուելէ ետք Սողոմոնի հիմնած տաճարի մասին: Սողոմոն զայն կառուցեց Աստուծոյ ցոյց տուած տեսիլքներուն համաձայն: Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ նման պարագայ մը եղաւ նաեւ Հայերուս համար եւ Աստուած ցոյց տուաւ այն վայրը, ուր պիտի կառուցուեր հայոց առաջին տաճարը: Այն եղաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքի մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի իջմամբ եւ կառուցուեցաւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը: Այս տաճարի հիմնական վերանորոգութեան մասին խօսելէ ետք Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ նորացած Մայր Տաճար ունինք այսօր եւ մենք այդ եկեղեցիով հպարտ ենք, քանի Տէրը Հայերուս շնորհեց աշխարհի ամենահին եկեղեցին: Պատրիարք Հայրը ընդգծեց յատկապէս հայերուս համար Ս. Էջմիածնի կարեւորութիւնը, որ գլխաւոր ուխտավայրերէն մէկն է: Ապա հանգամանօրէն խօսեցաւ Միւռոնօրհնէքի մասին եւ անդրադարձաւ Սրբալոյս Միւռոնի մեզի համար կարեւորութեան: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ Ս. Միւռոնը Ս. Հոգիի խորհրդանիշն է եւ կնիք է, որով կը կնքենք իւրաքանչիւր քրիստոնեայ: Մեր Հոգեւոր Պետը աղօթելու հրաւիրեց բոլորը Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման համար, որոնք օրհնութիւն ու մխիթարութիւն ըլլան բոլորիս:

Comments